2013-08-01 13:03:11

Ե Ո Ւ Ք Ա Թ
Կամ, Քրիստոնէականը` Բացատրուած Երիտասարդներուն


Զրոյց յիսուներրորդ ­ Աստուած եւ Ծէսը 3
Հարցում թիւ 178. Խորհուրդ մը արդեօ՞ք կը կորսնցնէ իր ազդեցութիւնը եթէ մատակարարուած է անձի մը կողմէ որ արժանի չէ զայն մատակարարելու։
Ոչ. Խորհուրդները կը գործեն նովին գործով որ արարողութիւնը կը կատարուի ­ի գործոց գործեալ­, ինչ որ կը նշանակէ թէ` անկախաբար զայն մատակարարողի բարոյական վարուելակերպէն կամ հոգեկան տրամադրութենէն. Կը բաւէ միայն որ ան նպատակն ունենայ ընելու այն ինչ որ կ՛ընէ։
Անոնք որ խորհուրդները կը մատակարարեն հարկ է որ ունենան օրինակելի կեանք մը։ Սակայն խորհուրդները իրենց ազդեցութիւնը կը գործեն ոչ թէ զանոնք մատակարարողի սրբութեան համենատ, այլ որովհետեւ Քրիստոս ինքնին կը գործէ անոնց մէջ։ Ան կը յարգէ սակայն մեր ազատութիւնը երբ կ՛ընդունինք խորհուրդները։ Այս պատճառաւ` խորհուրդները դրական կերպով կը գործեն միայն եթէ մենք գործակցինք Քրիստոսի հետ։
Գլուխ Բ.­Ինչպէ՞ս կը կատարենք Քրիստոսի խորհուրդները - 1
Հարցում թիւ 179. Ո՞վ է ծէսը կատարողը։
Ամէն երկրաւոր ծէսի մէջ` Քրիստոս ինքն է, մեր Տէրը, որ կը կատարէ ծէսը, որ կը պարունակէ իր մէջ հրեշտակներն ու մարդիկը, ողջերն ու մեռեալները, անցեալը, ներկան եւ ապագան, երկինքն ու երկիրը. Իսկական համատիեզերական ծիսակատարութիւն մըն է։ Քահանաները եւ հաւատացեալները անոր կը մասնակցին տարբեր ձեւերով։
Երբ կը ծիսակատարենք, հարկ է որ ներքսապէս պատրաստուինք այն մեծ եղելութեան որ տեղի կ՛ունենայ. Հոս եւ հիմա Յիսուս ներկայ է եւ, իր հետ միասին, բոլոր երկինքը։ Հոն` (երկնքի մէջ), բոլորն ալ լի են անճառելի ցնծութեամբ եւ սիրալիր ուշադրութեամբ մեզի հանդէպ։ Սուրբ Գրքի վերջին մատեանը` Յայտնութեան գիրքը, կը նկարագրէ խորհրդաւոր պատկերներով այս երկնային Ծիսակատարութիւնը, որուն կը միանանք այս երկրի վրայ։







All the contents on this site are copyrighted ©.